Արդէն շատոնց պարզ է, որ Թուրքիան նպատակ ունի Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ստեղծել միջանկեալ, ազատ, բայց յստակ աշխարհահամակարգ (geosystem), որ պիտի շարժի եւ պիտի գործէ ինքնավար՝ օգտուելով Եւրոաթլանթեան Արեւմուտքի մրցակցութենէն եւ եւրասիական պետութիւններու մօտալուտ հաւաքականացումէն (collectivization), եւ որու հիմքը պիտի ըլլայ Ռուսաստան-Չինաստան համակարգը: Այն, ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, ուղղակիօրէն կապուած է Անգարայի նպատակի հետ, գրած է աշխարհաքաղաքականութեան եւ ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութիւններու փրոֆեսըր Կոստանթինոս Կրիւասը՝ Greek City Times պարբերականին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ:
Հեղինակը նկատած է, որ Թուրքիան փաստացիօրէն (տե ֆաքթօ) առաջատարն է այս սխեմայի, որ բաղկացած է հիմնական թրքալեզու երկիրներէն։
«Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ այս ազատ միութեան առանցքը Թուրքիա-Ատրպէյճան համակարգն է։ Իսկ անոնց միջեւ եղած փուշը Հայաստանն է։ Ատոր համար Հայաստանը պէտք է կազմաքանդուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Հայաստանի դէմ յաղթանակը եւ ատոր հետեւանքով աշխարհաքաղաքական խեղումը եւ արբանեակայնացումը աւելի կամրապնդեն թուրք-ատրպէյճանական սխեմայի միասնութիւնը:Բացի այդ, այն Թուրքիոյ կու տայ այն հեղինակութիւնն ու աշխարհաքաղաքական կշիռը, որ անհրաժեշտ է տարածաշրջանի մնացած երկիրները դէպի իր ուղեծիր գրաւելու համար։ Աւելին, աշխարհաքաղաքականօրէն չէզոքացնելով Հայաստանը՝ Ատրպէյճանն աւելի անկախ պիտի դառնայ Մոսկուայէն եւ պիտի կարողանայ աւելի շրջիլ դէպի Թուրքիա՝ ամրապնդելով թուրք-ատրպէյճանական սխեման», - գրած է փորձագէտը։
Թոյլ մի տաք, որ Հայաստանը առանձին մնայ
«Ընդհանրապէս, Հայաստանի խեղումը եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքային անշարժացումը, որուն կը ձգտի Պաքուն Անգարայի ղեկավարութեամբ, կ'ամրապնդէ թրքակեդրոն Կեդրոնական Ասիոյ աշխարհահամակարգի համախմբուածութիւնը եւ անոր անկախութիւնը արտաքին միջամտութենէ եւ աւելի պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ դերը որպէս անկախ դերակատար, որ պիտի հաւասարակշռէ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ եւ սպաժնալիքի ենթարկէ երկուքն ալ։ Այլ կերպ ըսած, այդ պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ սակարկութիւններու առարկաները եւ դերը ձեւաւորուող միջազգային համակարգին մէջ: Իսկ աւելի զօրաւոր Թուրքիոյ համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ երթալ այն «մեծ հնարքին», որուն կ'ուզէ հասնիլ։ Այսինքն, Յունաստանի եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական անգործութեան պայմաններուն մէջ Թուրքիան աւելի քիչ պիտի վախնայ հզօր դերակատարներու արձագանգէն եւ աւելի շատ խաղաքարտեր պիտի ունենայ անոնց հետ բանակցելու համար:
Ահա թէ ինչու Յունաստանի պաշտպանութիւնը կը սկսի Հայաստանէն։ Այնքան պարզ է: Յունական դիւանագիտութիւնը պէտք է ամէն միջոց գտնէ Հայաստանին աջակցելու համար: Այդ պայմանաւորուած է այն բանով, որ միասնական եւրասիական համակարգի մէջ չկան մեկուսացած հատուածներ, որոնք կտրուած են իրարմէ: Այն, ինչ կը կատարուի մէկ մասին մէջ, կ'ազդէ մնացածի վրայ:
Իսկ Հայաստանի վրայ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը Թուրքիոյ աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ Յունաստանի համար։ Պարզէն ալ պարզ է:
Հայաստանին աջակցիլը համերաշխութիւն չէ ժողովուրդի մը նկատմամբ, որու հետ մենք շատ ընդհանրութիւններ ունինք, այն քայլ է, որ անհրաժեշտ է Յունաստանի անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական գործունէութեան համար միասնական եւ անբաժանելի աշխարհահամակարգի մէջ։ Յունական դիւանագիտութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, որ վերջին տարիներուն ցոյց կու տայ, որ ազատած է նախապէս իրեն պատուհասած գաւառականութեան համախտանիշէն (syndrome), պէտք է քայլեր ձեռնարկէ։ Եւ, ի հարկէ, Յունաստանը պէտք է գործէ անկախ՝ չսպասելով եւրոպական մնացած երկիրներուն, որոնք չունին Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ անոր բարեկամներու նման հարցեր», - գրած է Կրիւասը: