Տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոս Ա., որ մօտաւոր 300 միլիոն ուղղափառ քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդն է (կեդրոնը՝ Սթամպուլ), ինքզինք վատ զգալէ ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց, Ուաշինկթընի մէջ:
81-ամեայ Բարդուղիմէոս պատրիարքը, 24 Հոկտեմբերին, Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ պատարագի մեկնելէ կարճ ժամանակ առաջ ինքզինք վատ զգացած է, օդանաւային երկար թռիչքի եւ ԱՄՆ ժամանման անմիջապէս յաջորդած իրադարձութիւններու ծանրաբեռնուածութեան պատճառով:
Բժիշկը անոր խորհուրդ տուած է հանգստանալ, եւ պատրիարքը նախազգուշական նկատառումներով տեղափոխուած է Ճորճ Ուաշինկթընի անուան համալսարանական հիւանդանոց։
Տիեզերական պատրիարքը 23 Հոկտեմբերին ժամանած է Ուաշինկթըն՝ արժանանալով յոյն-ամերիկեան համայնքի եւ եկեղեցւոյ անդամներուն ջերմ ընդունելութեան: 2009 թուականէն ի վեր այս անոր առաջին այցն էր:
Բարդուղիմէոս պատրիարքը հանդիպումներ ծրագրած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ։