image

Ըստ Ուքրանիոյ, Ռուսիան «Իսքանտար»-ով հարուածած է Փերվոմայսքի քաղաքը. կայ 43 վիրաւոր

Ըստ Ուքրանիոյ, Ռուսիան «Իսքանտար»-ով հարուածած է Փերվոմայսքի քաղաքը. կայ 43 վիրաւոր

Ռուսական ուժերու կողմէ Խարքովի մարզի Փերվոմայսքի քաղաքի հրթիռակոծութեան հետեւանքով վիրաւորներու թիւը հասած է 43-ի. ինչպէս նշած է dw.com-ը, այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:

Վիրաւորներու շարքին կայ 12 երեխայ, որոնցմէ երկուքը՝ նորածին, ամենափոքրը՝ երեք ամսական։ Վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած 10 ամսական տղայի վիճակը կայունացած է, միւս երեխաներն ստացած են թեթև բեկորային վնասուածքներ, կապտուկներ, քերծուածքներ։

Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազ Անտրէյ Քոսթինի խօսքով՝ քաղաքի կեդրոնը խոցուած է «Իսքանտար» հրթիռով։