image

Ըստ Ռուս գիտնականին. «Ինչո՞ւ Թուրքիան պատրաստ չէր այս երկրաշարժին»

Ըստ Ռուս  գիտնականին. «Ինչո՞ւ Թուրքիան պատրաստ չէր այս երկրաշարժին»

Թուրքիան պատրաստ չէր հզօր երկրաշարժի, զոհերը կրնային աւելի քիչ ըլլալ, եթէ մարդիկ գիտնային, թէ ինչպէս վարուիլ. այս իրավիճակէն պէտք է հետեւութիւններ ընել։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին ըսած է Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի Միասնական երկրաֆիզիքական ծառայութեան տնօրէն, տեխնիկական գիտութիւններու դոկտոր Եուրի Վինոկրատովը:

«Այս երկրաշարժը դաս պէտք է ըլլայ առաջին հերթին մեր երկրի համար։ Չէ՞ որ մտածելակերպը ռուսերու եւ թուրքերու շատ առումներով նման է։ Կարելի է ըսել, որ Թուրքիան բացարձակապէս պատրաստ չէր այդ երկրաշարժին։ Նախ՝ տուներու մեծ մասը կառուցուած չէ երկրաշարժակայուն տարբերակով կամ կառուցուած է երկրաշարժակայունութեան աւելի ցած մակարդակի վրայ։ Երկրորդ, զոհերու թիւը կարելի էր զգալիօրէն նուազեցնել, եթէ մարդիկ պատրաստ ըլլային զօրաւոր երկրաշարժի, գիտնային, թէ ինչպէս ճիշդ վարուիլ երկրաշարժի առաջին նշաններու պարագային»,-ըսած է փորձագէտը։

Վինոկրատովն ընդգծած է, որ այն մասին, որ տարածաշրջանին մէջ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ, յայտնի էր դեռ քանի մը տարի առաջ, այն երկրաշարժավտանգ գօտի է:

«Պէտք է ըլլային մեթոտական ձեռնարկներ, կատարուէին վարժանքներ։ Սեյսմավտանգ գօտիներու բնակիչները պէտք է յստակ հասկնան, թէ ինչ պէտք է ընել եւ ուր փախիլ։ Երկրաշարժի ժամանակ առաջին ցնցումը միշտ ամենազօրաւորը չէ․․․Երկրորդ եւ երրորդ ցնցումը շատ աւելի ուժեղ է՝ 3-4, նոյնիսկ 5 անգամ: Երկրաշարժի կեդրոնին ամենամօտ քաղաքին մէջ մարդիկ 2-3 վայրկեան ժամանակ ունեցած են ինչ-որ կերպ արձագանգելու համար։ Այո, այդ քիչ է, բայց բաւական է, որպէսզի նուազագոյն գործողութիւններ ձեռնարկուին կեանքեր փրկելու համար։ Պէտք է ոչ թէ հեռախօսով նկարահանել, թէ ինչպէս եան ջահը կը ճոճուի, այլ թաքնուիլ՝ գոնէ մահճակալի տակ, պայմանականօրէն ըսած, կամ բնակարանի դրան մօտ, ընդ որում՝ ոչ թէ միջսենեակային, այլ մուտքի դրան բացուածքին մէջ»,-պատմած է Վինոկրատովը։

Մէկ այլ ճիշդ գործողութիւն, ըստ անոր, «երեխաները եւ փաստաթուղթերը վերցնելն ու նկուղ վազելն է»։ «Նկուղէն քեզի հաստատ արդէն կը հանեն։ Առնուազն երեք-չորս օր: Չէ՞ որ փրկարարները յստակ գիտեն, թէ ուր կը գտնուին նկուղներու մուտքերը, ինչպէս քանդել զանոնք, ինչ ընել»,-նշած է գործակալութեան զրուցակիցը։

Անոր խօսքով՝ պակաս կարեւոր չէ նաեւ ուշադրութիւն դարձնել կատուներու, շուներու եւ տնային կենդանիներու վարքագծին, եթէ խօսքը գիւղերու մասին է. կենդանիները կը կանխազգան ստորգետնեայ ցնցումները, կը սկսին աղմուկ բարձրացնել, անհանգստանալ:

«Ռուսիոյ մէջ նոյնպէս երկրաշարժերուն պատրաստ ըլլալու հարցը սուր է։ Օրինակ՝ Քամչաթքան եւ Սախալինն անընդհատ կը պատրաստուին, եւ շինարարութեան ընթացքին հաշուի կ'առնուին երկրաշարժավտանգութիւնը, եւ վարժանքներ կը կատարուին, եւ իւրաքանչիւր վարչական շէնքի մէջ գրուած են հրահանգներ, թէ ինչպէս վարուիլ. այնտեղ իւրաքանչիւր բնակիչ գիտէ, թէ որ նկուղ կամ որ փողոց վազել, եթէ ցնցում ըլլայ։ Բայց ինչ - որ տեղ Քիզիլի կամ Ապաքանի մէջ, ես հաստատ համոզուած եմ, որ նման բան չկայ, Իսկ Կովկասի մասին ես ընդհանրապէս կը լռեմ»,-նշած է Վինոկրատովը։

Գիտնականը նշած է, որ իշխանութիւններու համար ելքերէն մէկը կրնայ դառնալ «անվտանգութեան կղզեակներու» կառուցումը՝ ոչ մեծ կառոյցներ առանց դռներու՝ ամրացուած պատերով՝ կանգառներու նմանութեամբ, որոնք կը դիմանան անոնց վրայ աղիւսներու եւ փլուզող կառոյցներու այլ մասերու անկման:   

Եւ, ի հարկէ, անոր խօսքով, շատ կարեւոր է վտանգաւոր շրջաններու մէջ ունենալ բաւարար ուժեր եւ միջոցներ արագ արձագանգելու համար։ Ան նշած է, որ ատոնք պէտք է ըլլան ոչ միայն արտակարգ իրավիճակներու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ուժերը, այլեւ տեղի բնակիչներէն բաղկացած կամաւորները, որոնք քաջատեղեակ են իրենց շրջաններու առանձնայատկութիւններէն։

«Կարելի չէ կանխել երկրաշարժը, իսկ նուազեցնել ատոր հետեւանքները, առաջին հերթին բնակչութեան կեանքի համար, մենք կրնանք եւ պէտք է ընենք»,-նշած է գիտնականը։