ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու եւ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահներու կողմէ ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններ կը տարուին Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի՝ 26 Օգոստոսէն փակուած Գորիս-Որոտան եւ Շուռնուխ-Կարմրաքար հատուածները վերաբանալու վերաբերեալ։ Այս մասին կը տեղականանք ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։
Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանապահ ծառայութեան կողմէ հայկական կողմին փոխանցուած է տեղեկութիւն, որ իրենց ուղեկալներէն մէկուն վրայ յարձակում տեղի ունեցած է:
Ներկայիս ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերը հետախուզական եւ որոնողական միջոցառումներ կ'իրականացնեն ատրպէյճանական կողմի տրամադրած տեղեկութեան վերաբերեալ:
Ճանապարհի վերաբացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները կը շարունակուին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել