image

Ընկերներուս՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ միւսներու ճակատագիրը մեզի հանգիստ չի տար. Զաթուլին

Ընկերներուս՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ միւսներու ճակատագիրը մեզի հանգիստ չի տար. Զաթուլին

Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական Տումայի պատմգամաւոր Քոնսթանթին Զաթուլինը բաց նամակով դիմած է հայ գործընկերներուն.

«Անցնող 2023 թուականը ծանր փորձութիւն էր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, մեր ժողովուրդներու պատմական կապերու համար։ Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր «Ես»-ի թանկ մասը՝ Արցախը: 

Դժուար է, եթէ ոչ անհնար, համաձայնիլ ակնյայտ անարդարութեան հետ։ Ոչ միայն ձեզի համար Հայաստանի մէջ, այլեւ ինծը համար Ռուսիոյ մէջ։ Մեզի հանգիստ չի տար ընկերներուս՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ անոնց բոլոր ընկերներու ճակատագիրը։

Կ՚ուզեմ ձեզի մաղթել, որ 2024 թուականը նման չըլլայ 2023-ին, որ դուք երջանիկ ու յաջողակ ըլլաք Նոր տարուան»: