Նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեան ազատ արձակուած է: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է անոր փաստաբան Րաֆֆի Ասլանեանը:
«Գէորգ Պետրոսեանը քննիչի որոշմամբ ձերբակալումից ազատ արձակուեց, գոնէ ինձ համար տեսանելի է, որ կատարուած ապացուցողական գործողութիւնների արդիւնքում պարեկների նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կասկածը չի հաստատւում»,- գրած է ան։
Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը ձերբակալուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 452-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (Պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելը՝ բռնութեան գործադրմամբ) նախատեսուած յանցաւոր արարքի կատարման մէջ հիմնաւոր կասկածի հիմքով։
Ըստ ոստիկանութեան՝ Պետրոսեանը չէր ենթարկուած պարեկային ծառայութեան աշխատակիցներու պահանջին:
Գէորգ Պետրոսեանը միջադէպի մասն մանրամասներ պատմած է զինք այցելած «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանին
Ըստ անոր, երէկ երեկոյեան Պարեկային ծառայութեան աշխատակիցները բաւականին երկար ժամանակ հետեւած են իրեն, այնուհետեւ, արդէն այն ժամանակ, երբ վերջինս մօտ եղած է իր բնակութեան վայրին, մօտեցած են եւ առանց պատշաճ կերպով օրինական պահանջ ներկայացնելու փորձած են իրեն դուրս բերել մեքենայի մէջէն:
Ի վերջոյ, մեծաթիւ պարեկային ծառայողներու միջոցով յաջողած են, որու հետեւանքով Գէորգ Պետրոսեանը տեղափոխած են նախ անհրաժեշտ քննութիւններ ընելու, ապա Երեւան քաղաքի ոստիկանական բաժանմունքներէն մէկը:
Պարեկային ծառայողներու գործողութիւններու հետեւանքով ոստիկանական մեքենային մէջ կտրուկ վատացած է Գէորգ Պետրոսեանի ինքնազգացողութիւնը:
Ի վերջոյ, ոստիկանական բաժանմունք բերման ենթարկելէ ետք Գէորգ Պետրոսեանը տեղափոխած են Ձերբակալուած անձանց պահման վայր: