image

Յիշատակիդ համար, Հա՜յր Մեղրիկ

Յիշատակիդ համար, Հա՜յր Մեղրիկ

Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի յիշատակին, որ երկու տարի առաջ այս օրերուն զոհ գնաց «քորոնա» կոչուած չարիքին։

 

Յաճախ կ՚ակնարկենք այն օտարումին մասին, որ մեր մէջ կայ։ Այդ օտարումը, կերպով մը հեռու մնալը, իրերուն եւ դէպքերուն այսպէս անտարբերօրէն արձագանգելը մեզմէ շատեր կը կապեն որեւէ ոլորտի մէջ տիրական համարուած անհատներու ներկայութեան։ Անհատներ, որոնք մեզմէ էին, սակայն երբ իշխանութիւն մը, պաշտօն մը, պարտականութիւն մը ձեռք ձգէին՝ կը դառնան օտարականներ։

 

Հասկնալի է անշուշտ, որ իւրաքանչիւր ոք, երբ հանրային ոլորտին մէջ գործ մը, պարտականութիւն մը, պաշտօն մը կը վերցնէ այդ պաշտօնին կու գայ նպատակ ունենալով ծառայութիւն մատուցել մեր համայնքներուն, մեր կառոյցներուն, միութիւններուն ու հետեւաբար մեզի։

 

Նոյն հարթութեան վրայ ուրախալի է, երբ ոեւէ մէկը թողելով ամէն պատեհութիւն, ինքզինք կը նուիրէ հանրային կեանքին, կը խմորուի այդ կեանքին մէջ, կը դառնայ հանրային ոլորտը կարգի բերողներու, ձեւի բերողներու, մեր արատները սրբագրելու միտուած մեծ ներուժին մէկ մասնիկը։

 

Երազային չէ, անշուշտ, մօտեցումը, որովհետեւ որեւէ ուժ, որ դարձեալ մեր հանրային կեանքին մէջ մեծ կամ փոքր ծառայութեան մը, տինամիզմի մը, հաւաքական ներուժի մը մղողն է՝ պարտաւոր է հաւատալ վերափոխուելու եւ վերանորոգուելու անհրաժեշտութեան։ Առանց վերանորոգումի անիմաստ կը դառնան բոլոր որոնումները, կը նահանջեն իտէալները, կ՚այլափոխուի ամէն ինչ եւ գլուխ կը ցցէ փտածութիւնը։

 

Այս բոլորին զուգահեռ, կամաց-կամաց կ՚աճին առանձնաշնորհումները, որոնք կամաց-կամաց աւելիով կը փակեն մեծ դուռը քարայրին, որուն մէջ ալ կը սկսին խաղ տալ փոքր ու անհեթեթ շահերը, յաւակնոտութիւնները, նախանձը, ատելութիւնն ու քէնը։

 

Հաւաքական եսին, հաւաքական գոյին համար մեծագոյն իրաւարարը ինքը՝ Քրիստոսն է, որ կը բաշխէ դերը մարդոց եւ առաջնորդներուն ու կը բանայ իրական պատուհանը ընկերային արդարութեան։

 

Քրիստոնէական աշխարհի ամենահիմնարար առանցքը գուցէ ընկերային արդարութեան շեշտն է, որ կ՚ուսուցանէ եւ կ՚ըսէ՝ «Ան, որ ձեր մէջ առաջինն է, ան պէտք է դառնայ վերջինը»։ Այսինքն, բարի նուիրումի ոգին, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի խօսքը գործի վերածելու մեծ առաքելութեան։

 

Այս կէտին, մենք քննական աչքերով կը նայինք բոլոր անոնց, որոնք կոչուած են ծառայութիւն բերելու մեր ժողովուրդին։ Չէ՞, որ անոնք ի սկզբանէ ընտրած են «նեղ ճանապարհ»ը, հետեւաբար նաեւ պարտաւոր են իրենց իսկ անձնական օրինակով դառնալ պատկերը այդ նուիրականութեան։

 

Այս բոլորին մասին գրելու պատեհութիւնը այսօր աւելի քան զգալի կը դառնայ՝ վերստին ոգեկոչելու յիշատակը այն նուիրեալներուն, որոնք այլեւս մեր հետ չեն։

 

Տեղ մը՝ եթերին մէջ, հովերու ալիքներուն վրայ, մեզ պատած ջուրին եւ Աստուածային հպումներուն մէջ, մեզմէ վեր եւ մեր անիմաստ թափառումներէն, փնտռտուքներէն, մեր ցաւերէն ու մեր սպասումներէն ա՛լ աւելի հեռու։ Անհաս տեղ մը, ուր երանութիւնը եւ հոգին ի մի բերուած են եւ միասին կ՚արարեն մեր Աստուածային շարունակութեան իրական իմաստը։

 

Անոնք, իրենց հեռացումէն ետք իսկ մեզ ոգեշնչելու տեղ ունին եւ մեզ ճանապարհին ետ բերելու, մեր սխալները շտկելու, մեր մեղքերը նախ տեսնելու ու մեզ նաեւ մաքրելու ուժը ունին։

 

Ու գուցէ անոնց հետ պատահական համարուած, բայց աւելի քան կը վերադարձնեն այն մեծ ընկալումներուն, որոնցմէ յաճախ մենք փախուստ փորձած ենք տալ։

 

Այդ անուններէն է Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանը, որուն մահուան երկրորդ տարելիցը լրացաւ։

 

Պարզ ու անմիջական վարդապետի հայեացքով կը յիշեմ զինք։ Կը յիշեմ իր քոյրը, որուն աշակերտը ըլլալու պատեհութիւնը ունեցայ, ինչ որ նաեւ եղաւ կապ մը աւելի մօտէն ճանչնալու համար Հայր Մեղրիկը։

 

Ձայնի ու շարականի մարդ, որ այնքան սիրեց մեր եկեղեցին, որ այնքան նուիրուեցաւ մեր եկեղեցիին ու դարձաւ նշխար մը այդ եկեղեցիէն։

 

Ապրող եկեղեցիին անմասն մէկ մասնիկը դարձաւ Հայր Մեղրիկը, որ գործեց, ցանեց, սիրեց, նուիրուեցաւ ու յետոյ ալ Քրիստոսի իրական օրինակով «խաչուեցաւ»։

 

Գուցէ անոր յարութեան ժամանակը դեռ մեր առջին է, գուցէ ան ինչպէս եւ մենք դեռ երկար պիտի սպասենք, որ բոլոր մարմինները լիապէս հագնին Քրիստոսի մարմինը եւ աւետեն Տէրոջ երկրորդ գալուստը...

 

Այդ կը թողունք իր ժամանակին, կարեւորը մեզի համար Հայր Մեղրիկին նուիրման օրինակն է, որ յաճախ քարկոծուեցաւ, յաճախ դարձաւ թիրախ, յաճախ դարձաւ խարազանումի նիւթ եւ առարկայ։ Ոչ անոր համար, որ մեզմէ շատեր, նոյնիսկ իւրային համարուածներ չհասկցան իր բառն ու խօսքը, այլ անոր համար, որ ան ընտրած էր նուիրման իրական ճանապարհը։

 

Այդ նուիրման ճանապարհին մէջ լուսանկարներ չկային, չկային փառք ու պսակ, չկար գովասանութիւն, չկար կեղծիք ու ամենակարեւորը՝ չկար չարութիւն։

 

Մեղրիկ Սրբազան յաղթած էր չարին, նոյնիսկ զինք պախարակել փորձողներուն, նոյնիսկ զինք վէրքէ-վէրք տանիլ փորձողներուն յաղթած էր։

 

Ան մեր Տէրոջ օրինակով ապրած, Տէրոջ խօսքով լիացած, Տէրոջ խօսքը գործի վերածած սիրոյ նուիրեալ էր։

 

Եկեղեցին, օր մը կը վերյիշէ անոր դատը կամ ոչ, էականը այդ չէ. էականը այն է, որ ան այսօր ալ կայ։

 

Ան այսօր ալ մեր հետ է, այսօր ալ մեզ դէպի մեր արմատները, դէպի մեր հաւատքը կանչողներէն է։

 

Ու իրեն համար աւելի քան վստահ եմ, որ հիմնական առաքելութիւնը աւարտած է։

 

Աւարտած է՝ «Թռչնոց բոյն»ի* ձագուկներու յիշողութեան ու երգին մէջ ապրելով։

 

Աւարտած է՝ զինք այնքան սիրող հարիւրաւոր դպիրներու եւ սարկաւագներու իրական աղօթքին մէջէն առ Աստուած բարձրացող աղօթքներու պարոյրներով։

 

Ու աւարտած է՝ ի վերջոյ այն մեծ պատկերով, որ կը բացուի մեր աչքերուն, երբ ամէն անգամ իր անունը կու տանք ու կ՚ըսենք՝ Հայր Մեղրիկ։

 

Հայր Մեղրիկ, առանց տիտղոսներու, առանց փառքի, առանց ոսկեայ շղթաներու, առանց ճոռոմ քարոզներու, այլ պարզութեան մէջ վսեմական ու վսեմին մէջ իրական ու անկեղծ՝ Հա՜յր Մեղրիկ։

 

Յիշատակդ լոյս է այսօր բոլոր անոնց համար, որոնք դեռ քեզ կը յիշեն, քեզմով կ՚ըլլան ու քու անունդ Տէրոջ Սուրբ անունին մօտ կը պատկերեն։

 

 Սագօ Արեան 

 «Ժամանակ»/Պոլիս 

 

 

*Լիբանանի Ժըպէյլ շրջանին մէջ, երկար տարիներու անցեալ ունեցող որբանոց, ուր վերջին տարիներուն անապահով խաւերու զաւակներ կը յաճախեն։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...