image

Յայտնի է Կիւմրիի քաղաքապետին անունը

Յայտնի է Կիւմրիի քաղաքապետին անունը

«Բալասանեան» դաշինքը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը համագործակցութեան մասին յուշագիր ստորագրեցին: Համագործակցութեան յուշագիրի համաձայն՝ Կիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնին կ'առաջադրուի «Բալասանեան» դաշինքի թեկնածու՝ Վարդգէս Սամսոնեան, իսկ երկու փոխքաղաքապետերը պիտի ըլլան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն:

Փոխքաղաքապետի թեկնածուներուն անունները պիտի յայտարարուին 1 Նոյեմբերին:

Յուշագիրով կողմերը կը պարտաւորուին իրականացնել համատեղ քատրային քաղաքականութիւն՝ ստանձնելով համատեղ պատասխանատուութիւն քաղաքի կառավարման համար:

Յուշագիրը ստորագրեցին «Բալասանեան» դաշինքէն Սոնա Առաքելեանը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն Քնարիկ Յարութիւնեանը:

Կիւմրիի մէջ 17 Հոկտեբերին կայացած  ՏԻՄ ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը յաղթահարած են «Բալասանեան» դաշինքը (9637 ձայն), «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը (7785 ձայն), Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (1333 ձայն), «Զարթօնք» կուսակցութիւնը (2793 ձայն) եւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը (1489 ձայն): 

Կիւմրիի նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը պիտի կայանայ 1 Նոյեմբերին, որու ընթացքին ալ կ'ընտրուին քաղաքապետն ու քաղաքապետին տեղակալները: