Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով երկու երկիրներու համապատասխան յանձնաժողովներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունուարի վերջը՝ երկկողմ ձեւաչափով։ Երրորդ կողմի ներկայութիւն նախատեսուած չէ։
«Փասթինֆօ»-ի գրաւոր հարցման ի պատասխան յայտնած են ՀՀ փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն՝ նշելով, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ այս ամիս նախատեսուած հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Ղազախ-Թովուզ շրջաններու սահմանազատման հարցը։ ՀՀ փոխ վարչապետի գրասենեակին յղուած հարցմամբ լրատուամիջոցը խնդրած էր հաստատել կամ հերքել այս տեղեկութիւնը։
Նաեւ պարզաբանել, որ եթէ հաստատուած չեն, թէ ինչ քարտէզներով եւ սկզբունքներով պիտի իրականացուին սահմանազատման աշխատանքները, ուրեմն ինչի հիման վրայ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարած հատուածին մէջ պիտի իրականացուի սահմանազատումը եւ հնարաւո՞ր է, որ Տաւուշի մէջ սահանազատումը իրականացուի այնպէս, ինչպէս Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ՝ GPS-ի հիման վրայ։
Նաեւ հարցուցած են, որ եթէ Ատրպէյճանը դէմ է յստակ քարտէզներով սահմանազատման եւ կը նախընտրէ այդ ընել փաստաթուղթերով, որքանով հայկական կողմի համար ընդունելի է այս մօտեցումը։
Ի պատասխան բոլոր այս հարցերուն՝ փոխ վարչապետի գրասենեակէն յայտնած են, որ նախնական պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման ընթացքին նախ պիտի քննարկուի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը։
«Նախագծում պէտք է սահմանուեն համատեղ աշխատանքներում օգտագործուելիք իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստաթղթերի եւ իրաւական ակտերի (գործեր) տեսակները եւ տիպերը, նոյնականացուեն ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանի վերջին տոպոգրաֆիկ (տեղագրական) քարտէզները, որոնք պատշաճ իրաւական հիմքերով կազմուել եւ տպագրուել են իրաւասու մարմինների կողմից, եւ այլ նմանատիպ հարցեր»: