Ուքրանիոյ վերաբերեալ Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլի յայտարարութիւնները զգալիօրէն կը փոխեն խաղի կանոնները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գոծոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Պորէլը երկու անգամ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը պէտք է դադրեցուի ռազմական ճանապարհով, ոչ թէ դիւանագիտական ճանապարհով: Անկէ յետոյ ան ԵՄ երկիրներուն կոչ ըրածէ շտապ զէնք տալու Քիեւին:
Նման յայտարարութիւն ան ըրած է Թուիթըրով՝ Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆօն տեր Լեյենի հետ Քիեւ կատարած այցէն յետոյ:
«Այս պատերազմը կը յաղթուի մարտի դաշտին մէջ», գրած է Պորէլ: Ան նաեւ յիշեցուցած է Ուքրանիոյ զէնքի համար յատկացուած 500 միլիոն եւրոյի մասին եւ կոչ ըրած է ուժեղացնելու Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները: