Ուշագրաւն այն էր, որ պրն. Յակոբ, սովորական գրաշար մը չէր, ան հազարաւոր հատորները «մարսած», պրպտող մտքի մարդ էր, որուն հետ կարելի էր խօսիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր շրջաններուն, պայքարներուն եւ քաղաքական վերիվայրումներուն մասին, առաւելաբար պրիսմակը լայն բանալով հայութեան տարբեր շրջաններու այսպէս կոչուած «սպիտակ բիծեր»ու փուլերուն վրայ։
Բաց աստի ան կու գար Պէյրութահայ մեծանուն գրող՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի գրական-հրապարակագրական «խոհանոց»էն ու իր եւ իր նմանններուն համար Ծառուկեանի անցած ճանապարհը, անոր հիմնադրած «Նայիրի»ին եւ տարած գործը կը շեշտադրէին Պէյրութի ապրած երբեմնի «ոսկեայ օրերը», որ կերպով մըն ալ դարձած էր այդ սերունդի նուիրական «մենաշնորհ»ը։
Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Յակոբ Նոխուտեանը։
Հանգուցեալը, որ յառաջացած տարիքին հայրենադարձած էր ու հաստատուած Երեւանի մէջ իր աչքերը կը փակէր աշխատանքի, նուիրուածութեան եւ նուիրական հօր մը համակ կենսագրութիւն մը թողելով։
Պրն. Յակոբ, ինչպէս զինք կը կոչէին իր շրջապատի մտերիմները երկար տարիներ (աւելի քան տարի) աշխատած էր Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանին մէջ, որպէս գրաշար։
Ուշագրաւն այն էր, որ պրն. Յակոբ, սովորական գրաշար մը չէր, ան հազարաւոր հատորները «մարսած», պրպտող մտքի մարդ էր, որուն հետ կարելի էր խօսիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր շրջաններուն, պայքարներուն եւ քաղաքական վերիվայրումներուն մասին, առաւելաբար պրիսմակը լայն բանալով հայութեան տարբեր շրջաններու այսպէս կոչուած «սպիտակ բիծեր»ու փուլերուն վրայ։
Բաց աստի ան կու գար Պէյրութահայ մեծանուն գրող՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի գրական-հրապարակագրական «խոհանոց»էն ու իր եւ իր նմանններուն համար Ծառուկեանի անցած ճանապարհը, անոր հիմնադրած «Նայիրի»ին եւ տարած գործը կը շեշտադրէին Պէյրութի ապրած երբեմնի «ոսկեայ օրերը», որ կերպով մըն ալ դարձած էր այդ սերունդի նուիրական «մենաշնորհ»ը։
Միշտ հպարտանքով կը խօսէր այդ անցեալին մասին ու նորահաս սերունդին կը խրատէր կարդալ ու միշտ կարդալ։
Եւ իրաւամբ ընթերցանութեան մեծ կիրքը ան բնազդով փոխանցած էր իր երեք զաւակներուն՝ Կարոյին, Սագոյին եւ Հրաչին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այսօր իր ձեւով կը շարունակեն իրենց սիրելի հօր ժառանգութիւն-ճանապարհը։
Գրաշարի իր աշխատանքի կողքին Պրն. Յակոբ անդամակցած էր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ու մաս կազմած այդ օրերուն հայկական բեմը իր վերելքին բարձրացուցած թատերական խումբի գործունէութեան ու աշխատանքներուն։
Ան մեծ սէր կը տածէր հայրենիք՝ Հայաստանին հանդէպ, այդ սէրը միշտ ալ արտայայտած էր ու բնաւ պատահական կամ դիպուած ալ չէր իր վերջին տարիներուն Հայաստան փոխադրուիլն ու ապրիլը... ու այսօր ալ հայրենի հողին միանալը։
Բննօրանով Զէյթունցի պրն. Յակոբը միշտ ալ հպարտ եղած էր իր արմատներով ու յաճախ պատումներ կը շարադրէր իր նախնիներուն անցած ճանապարհին մասին։
86 Տարեկան հասակին (Ծն. Պէյրութ 1936-ին) Երեւանի մէջ մահացած ու դէպի հայրենի հողը ճանապարհորդող Յակոբ Նոխուտեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կայացուին այսօր Երեւանի Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի պարագաներուն եւ մասնաւորապէս զաւակներուն ՝ եւ Հրաչին։
Աստուած հոգին լուսաւորէ