image

Վրաստան պատրաստ է միջնորդական հարթակ դառնալու

Վրաստան պատրաստ է միջնորդական հարթակ դառնալու

Թիֆլիսը կրնայ հարթակ դառնալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն համար։ Այս մասին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին։

Ան յիշեցուցած է, որ Վրաստանը Յունիսին նպաստած է գերեվարուած 15 հայ զինուորներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին ականապատ դաշտերու քարտէզներու փոխանցման։ 

«Այդ գործընթացը աւելի բարձր մակարդակով շարունակելու համար մենք կ'առաջարկենք մեր եղբայրական պետութիւններուն՝ ատրպէյճանցի եւ հայ եղբայրներուն,  բանակցութիւններ սկսիլ Թիֆլիսի մէջ, որ կրնայ մշտական հարթակ դառնալ», յաւելած է Վրաստանի վարչապետը։