image

Ուրֆայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ թուրքեր «խորոված-բարդի» ըրած են

Ուրֆայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ թուրքեր «խորոված-բարդի» ըրած են

Ուրֆայի (Եդեսիա) քաղաքի Տաղեանըի շրջանը գտնուող հայկական Կերմուշի եկեղեցւոյ մէջ, դեռեւս անյայտ անձիք կրակարան (մանղալ) տեղադրած են եւ խորոված ըրած։

Ընկերային ցանցերով տարածուած այս տեսանիւթը բողոքի ալիք բարձրացուցած է եւ դէպքին անդրադարձած են թրքական շարք մը լրատուամիջոցներ։

Կերմուշի հայկական եկեղեցւոյ շրջակայքը ապրող բնակիչները բողոքած են, որ պետութիւնը չ'ապահովեր պատմական հայկական եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, իսկ իրենք իրենց ուժերով չեն կրնար։

Նշենք, որ յիշեալ եկեղեցին ընդգրկուած եղած է վերականգնման ծրագրին մէջ, սակայն լիարժէք չէ աւարտած վերականգնումը եւ չ'իրականացուիր համապատասխան պահպանութիւն, որու հետեւանքով եկեղեցին յաճախ կ'ենթարկուի գանձագողերու ոտնձգութիւններուն։