image

Ուրախ լուր՝ Զահլէ աւանի հայութեան մասին. Ընթացք պիտի առնեն հայերէն լեզուի դասապահեր (Լուսանկար)

Ուրախ լուր՝ Զահլէ աւանի հայութեան մասին. Ընթացք պիտի առնեն հայերէն լեզուի դասապահեր (Լուսանկար)

Յիշեցնենք, որ Զահլէի Ազգային Վարժարանը երկար ժամանակէ ի վեր կը մնայ փակուած ու այդ պատճառով ալ շրջանի հայ բնակիչներ անհրաժեշտութիւնը զգացած են հայերէն լեզուի դասապահեր ունենալու։

Ծրագիրը մտայղացումն է բնիկ Զահլէցի մեր հայրենակից՝ Նոէլ Փամպուքեանի։

 «Արեւելք»ի Զահլէ գիւղաքաղաքի աղբիւրը բարի լուր մը հաղորդելով նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացք պիտի առնեն հայերէն լեզուի դասապահեր։

Կը նշուի նաեւ, որ դասաւանդութիւնները պիտի կայացուին Զահլէի պետական քաղաքապետարանի գրադարանէն  ներս, որ ունի բոլոր յարմարանքները՝դասաւանդութեանց համար։

Մեր տուեալներով հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնները ընթացք պիտի առնեն յառաջիկայ  15 ապրիլին, իսկ հայերէն լեզուի ուսուցիչները յատուկ կարգադրութեամբ մը Զահլէ պիտի հասնին հարեւան հայկական Այնճարէն։

Յիշեցնենք, որ Զահլէի Ազգային Վարժարանը երկար ժամանակէ ի վեր կը մնայ փակուած ու այդ պատճառով ալ շրջանի հայ բնակիչներ անհրաժեշտութիւնը զգացած են հայերէն լեզուի դասապահեր ունենալու։

Ծրագիրը մտայղացումն է բնիկ զահլէցի մեր հայրենակից՝ Նոէլ Փամպուքեանի։

Գործարար եւ իր ասպարէզին մէջ ուշագրաւ յաջողութիւններու հասած՝ Փամպուքեան երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Արաբական Ծոցի մէջ եւ ան հանդէս եկած է տարբեր բնոյթի ազգային բարերարութիւններով։

Վարձքը կատար բարերարին ու նաեւ բարեյաջող երթ Զահլէի հայերէն լեզուի դասընթացքներուն։ 

 

Բարերար՝ Նոէլ Փամպուքեան