image

Ուքրանիոյ տագնապ.Պայտըն կարեւոր առաջարկ կատարած է

Ուքրանիոյ տագնապ.Պայտըն կարեւոր առաջարկ կատարած է

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան ղեկավար Ուիլիըմ Պըրնս յունուարի կէսերուն խաղաղութեան ծրագիր առաջարկած է Քիեւին եւ Մոսկուային: Ինչպէս գրած է kommersant.ru-ն, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Neue Zürcher Zeitung (NZZ) թերթը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, ըստ NZZ-ի, Պըրնսը ուղարկած է Քիեւ եւ Մոսկուա՝ խաղաղութեան դիմաց Ուքրանիոյ տարածքի մօտ 20%-ը ռուսական կողմին փոխանցելու առաջարկով։ Հրատարակութեան տուեալներով՝ երկու կողմերն ալ հրաժարած են նման առաջարկէ։ 

Հաղորդուած է, որ այս կերպ Պայտըն ուցած է խուսափիլ Ուքրանիոյ մէջ տեւական պատերազմէն։ NZZ-ը նաեւ նշած է, որ միայն այն բանէն ետք, երբ Պըրնսը ձախողած է այս ծրագիրը, ամերիկացի առաջնորդը որոշած է Abraams հրասայլեր մատակարարել Քիեւին։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ յունուարին Պըրնս իբր գաղտնի այցելած է Մոսկուա։ The Washington Post-ը նախապէս գրած է, որ յունուարի կէսերուն Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան ղեկավարը Քիեւի մէջ գաղտնի հանդիպած է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Ըստ NZZ-ի՝ ուքրանական իշխանութիւնները չեն ուզեր իրենց տարածքի բաժանումը, իսկ Ռուսիոյ իշխանութիւնները վստահ են, որ «ամէն պարագայի, երկարաժամկէտ հեռանկարով անոնք կը յաղթեն պատերազմին»։

Սակայն Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան անանուն պաշտօնեան Newsweek-ին ըսած է, որ NZZ-ի պնդումները «լիովին կեղծ են»: ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Շոն Տաւէթը հրապարակման ըսած է, որ NZZ-ի հրապարակումը «ճշգրիտ չէ»։ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պաշտօնեաները դեռ չեն մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը:

Պաշտօնապէս Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները դադրած են 2022 թուականի մայիսին՝ Քիեւի նախաձեռնութեամբ։ 2022 թուականի 4 հոկտեմբերին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հրամանագիր ստորագրած է, որով կը բացառուի Ռուսիոյ նախագահի հետ հետագայ բանակցութիւններու հնարաւորութիւնը, քանի դեռ նախագահը Վլատիմիր Փութինն է։