image

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ մինչեւ 2025-ի վերջը. Ռիւթէ

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ մինչեւ 2025-ի վերջը. Ռիւթէ

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ մինչեւ 2025-ի վերջը, յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն սպանական «El País» թերթին տուած հարցազրոյցին։

«Միշտ դժուար է կանխատեսել, բայց ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ շուտով խաղաղութիւն կը հաստատուի», - նշած է Ռիւթէն։

Ռիւթէն նաեւ յայտնած է, որ Ժընեւի մէջ Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններէն ետք անհրաժեշտ են եւս քանի մը հանդիպումներ։ Ան ընդգծած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ որոշակի հարցերու քննարկման:

«Խաղաղութեան ծրագիրը չի փոխեր Ռուսիոյ մասին գնահատականը՝ որպէս Եւրոպայի համար երկարաժամկէտ սպառնալիք», -աւելցուցած է Ռիւթէն։