Եւրոմիութեան ու ՆԱԹՕ-ի ղեկավարները, 10 յունուարին, երրորդ համատեղ հռչակագիրը ստորագրած են ռազմավարական համագործակցութեան մասին՝ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմի ծիրէն ներս։
«Քրեմլինը կը փորձէ փոխել անվտանգութեան կանոնակարգը Եւրոպայի մէջ եւ վերահսկել բոլոր իր հարեւանները», -յայտարարած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը։
Սթոլթընպըրկն ընդգծած է, թէ անհրաժեշտ է ամրապնդել համագործակցութիւնը Եւրոմիութեան ու ՆԱԹՕ-ի միջեւ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը Ուքրանիոյ։
«Փութինը չի հրաժարիր Ուքրանիոյ վերաբերեալ իր ծրագրերէն, ուստի դաշնակիցները պէտք է «պատրաստ ըլլան երկարատեւ պատերազմի»,- ըսած է ան։
Եւրոմիութեան առաջնորդները՝ Եւրոյանձնաժողովի ու Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարները յայտարարած են, թէ Ուքրանիան պէտք է ստանայ անհրաժեշտ զինամթերքը, սակայն ուղիղ չեն յստակեցուցած՝ հնարաւոր է արդեօ՞ք հրասայլերու մատակարարում, որու շուրջ աշխուժ քննարկումներ կ'ընթանան վերջին շրջանին։