image

Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին օդային տագնապ յայտարարուած է

Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին օդային տագնապ յայտարարուած է

Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ յայտարարուած է օդային ռմբակոծման նախազգուշացում: Այս մասին հաղորդած է «Ռիա Նովոսթի»ն, յղում ընելով Ուքրանիոյ թուային փոխակերպման նախարարութեան առցանց քարտէզներուն։

Առցանց քարտէզներու տուեալներով՝ օդային տագնապի ազդանշանն առաջինը հնչած է Խարքովի մարզի մէջ եւ կը շարունակէ հնչել աւելի քան 10 ժամ։ Մոսկուայի ժամանակով 11։18-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 12։18) օդային տագնապ յայտարարուած է նաեւ միւս բոլոր մարզերուն մէջ։

Ռուսիոյ զինուած ուժերու ուքրանական ենթակառուցուածքի վրայ յարձակումները սկսած են 2022 թուականի հոկտեմբեր 10-ին՝ Ղրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն երկու օր անց, որու ետին, ըստ Ռուսիոյ իշխանութիւններու, կանգնած են ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները։