Չնայած համաշխարհային հակամարտութիւններու թիւի նուազման, տարածաշրջանային եւ տեղական հակամարտութիւնները կը շարունակեն փոթորկիլ եւ կեանքեր խլել աւերածութիւններու եւ սովի պատճառով: Այս մասին գրած է Foreign Policy-ն՝ կանխատեսումներ ներկայացնելով 2022-ին 10 ռազմական բախման մասին:
ԱՄՆ-ի յաւակնութիւններու թուլացումը միջազգային ասպարէզին մէջ յանգեցուցած է շարք մը խոշոր ռազմական հակամարտութիւններու թուլացման: Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ողջ աշխարհին մէջ զոհուած մարդոց թիւը կրճատուած է 2014 թուականէն ի վեր, եթէ հաշուենք միայն անոնք, որոնք մահացած են անմիջապէս մարտի ժամանակ, գրած է աղբիւրը:
«Սակայն տեղական հակամարտութիւնները աւելի շատ կ'եռան, քան երբեւէ, թէեւ անոնք որպէս կանոն աւելի քիչ ուժգին են: Մեծամասնութեամբ, 21-րդ դարու պատերազմները աւելի քիչ մահաբեր են, քան 20-րդ դարու տեղի ունեցածները: Արտասահմանեան մասնակցութիւնը հակամարտութիւններուն վտանգ կ'առաջացնէ, որ տեղական բախումները վերաճին եւ ներգրաւեն խոշոր տէրութիւններ», գրած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի փոխնախագահ Ռիչըրտ Էթուուտ:
Պարբերականը նշած է, որ պէտք չէ թերագնահատել ԱՄՆ-ի հնարաւորութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ ըստ հեղինակին՝ Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմական բախումը Թայուանի պատճառով քիչ հաւանական է 2022 թուականին, սակայն չինացի ու ամերիկացի զինուորականները աւելի յաճախ կը բախին կղզիի եւ Հարաւ չինական ծովու շուրջ:
Եթէ Իրանի հետ միջուկային գործարքը տապալի, ինչ որ վերլուծաբանը հաւանական կը կարծէ, ԱՄՆ կամ Իսրայէլ կրնան փորձել ոչնչացնել իրանական միջուկային կառոյցները:
Ըստ հեղինակին՝ 2022 թուականին հաւանական վտանգաւոր հակամարտութիւններու առաջին եռեակին մէջն է Ուքրանիա, Եթովպիա եւ Աֆղանիստան:
Էթուուտ նշած է նաեւ, որ այս տարի հնարաւոր է հակամարտութիւններու զարգացումը ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի միջեւ, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, Եէմենի մէջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն, Հայիթիի եւ Միանմարի, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի իսլամիստներու գործունէութեան պատճառով: