Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ասպենի անվտանգութեան ֆորումի ժամանակ յայտարարած է, որ իր երկրի զինուած ուժերը կը սպասեն հեռահար սպառազինութեան նոր խմբաքանակի տրամադրման՝ հակայարձակման ընթացքին ձեռք բերուած յաջողութիւնները պահպանելու եւ գործողութիւնները շարունակելու համար:
Ան յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթընը կ'աշխատի այդ ուղղութեամբ եւ կը լուծէ խնդիրը՝ իր պաշտպանական աջակցութեամբ։
Զելենսքին մանրամասնած է, որ ներկայ պահուն Ռուսիան երկնքի մէջ առաւելութիւն ունի, իսկ Քիեւը ժամանակակից ռազմական օդանաւերու պակաս ունի։ Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ նպատակն է վերադարձնել ամբողջ Խրիմը, քանի որ այդ իր երկրի ինքնիշխան տարածքն է, իսկ Խրիմի կամուրջը պարզապէս նիւթատեխնիկական ճանապարհ չէ: Վոլոտիմիր Զելենսքիի համոզմամբ՝ կամուրջը կ'օգտագործուի ռուսական Զինուած ուժերը զինամթերքով ապահովելու համար: