Վլատիմիր Յակոբեան դարձաւ 2024-ի ճատրակի Միացեալ Նահանգներու վեթերաններու ախոյեան:
9 մրցումներէ ետք Վլատիմիր Յակոբեան 7 կէտ շահած է` առանց պարտութիւն կրելու:
Ան գրաւեց առաջին դիրքը` 1 կէտով գերազանցելով Ճեսսի Քրայի, 2 կէտով` Ժոել Պենճըմինի եւ Լարի Քրիսթիանսընի:
6-րդ դիրքը գրաւեց Մելքիսեթ Խաչիեանը` 4 կէտով:
Զուիցերիոյ Պիել քաղաքը հիւրընկալեց «Պիել ճատրակի փառատօն 2024»-ը, որուն ընթացքին Հայաստանի յառաջատար Հայկ Մարտիրոսեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 6 վարպետ ճատրակ խաղացողներ: