image

Ողջ Ուքրանիոյ երկայնքով՝ օդային տագնապ

Ողջ Ուքրանիոյ երկայնքով՝ օդային տագնապ

Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքով յայտարարուած է օդային ռմբակոծման նախազգուշացում: Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ՝ յղում ընելով Բնակչութեան ահազանգման պաշտօնական աղբիւրի տուեալներուն։

Նշուած է, որ օդային տագնապի ազդանշան առաջին անգամ հնչած է 11։39-ին (երեւանեան ժամանակով՝ 13։39), որմէ յետոյ երկու րոպէի մէջ օդային ռմբակոծման նախազգուշացում յայտարարուած է բոլոր շրջաններուն մէջ։

Նշենք, որ Ռուսիոյ զինուած ուժերու յարձակումները ուքրանական ենթակառուցուածքին վրայ սկսած են 2022 թուականի 10 հոկտեմբերին՝ Խրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն երկու օր ետք, որու ետեւը, ըստ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, կանգնած են ուքրանական յատուկ ծառայութիւնները։ Հարուածները կը հասցուին ամբողջ երկրի ուժանիւթի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ռազմական հրամանատարութեան եւ կապի կառոյցներուն։