image

Ողբերգական վթար Երեւանի մէջ. 1 մարդ մահացած է, տուժածներէն 3-ը երեխաներ են

Ողբերգական վթար Երեւանի մէջ. 1 մարդ մահացած է, տուժածներէն 3-ը երեխաներ են

Այս գիշեր Երեւանի մէջ մեքենաներ բախած են, որու հետեւանքով 1 մարդ մահացած է, 4-ը` վնասուածքներ ստացած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com–ը։

Ժամը 01:30-ի սահմաններուն Բագրատունեաց պողոտայ եւ Եղիշէ Թադեւոսեան փողոցներու խաչմերուկի վրայ բախած են Արարատի մարզի բնակիչներ 55-ամեայ Սերյոժա Յովակիմեանի վարած «ՎԱԶ 2121» մակնիշի եւ 43-ամեայ Վիգէն Յովսէփեանի վարած «Ford» մակնիշի մեքենաները:

Վարորդները տեղափոխուած են «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն, իսկ «Նիվա»-ի ուղեւորները` Արարատի մարզի բնակիչներ 12 տարեկան Արթուր Հ.-ն, 8 տարեկան Կարէն Հ.-ն եւ 15 տարեկան Արեգ Հ.-ն, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն: Ժամը 08:30-ի սահմաններուն հիւանդանոցէն յայտնած են, որ Սերյոժա Յովակիմեանը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է:

Քննիչի յանձնարարականով մեքենաները տեղափոխուած են Պարեկային ծառայութեան Երեւան քաղաքի գունդի պահպանուող յատուկ տարածք:

Կայքի տեղեկութիւններով՝ «ՎԱԶ 2121»-ի վարորդը մեքենայ վարելու իրաւունք չէ ունեցած եւ հաշուառուած եղած է հոգեբուժական եւ նարքոլոկիական (կախուածութենէ բուժման) գրանցամատեանին մէջ։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վթարի մեղաւորը ինքն ալ եղած է։