Շիրակի մարզին մէջ, Ապրիլ 19-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 20:00-ի սահմաններուն Կիւմրիի «Մօր եւ մանկան աւստրիական հիւանդանոց»-էն Կիւմրի քաղաքի ոստիկանութեան Կումայրիի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ մահացած վիճակի մէջ իրենց մօտ տեղափոխուած է աղջիկ երեխայի դի:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը 6-ամեայ աղջիկ է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Կիւմրի քաղաքի Օդանաւակայանի փողոցի տուներէն մէկուն մէջ մահացած վիճակով:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն` նոյն օրը ժամը 19:00-ի սահմաններուն երեխան եղած է իրենց տան լոգարանին մէջ եւ զայն այնտեղ յայտնաբերած է հայրը, որ տեղափոխած է հիւանդանոց, սակայն երեխան արդէն եղած է մահացած:
Փաստի առթիւ Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: Քննիչին որոշմամբ` նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ, այդ շարքին` դիակի դատաբժշկական: