image

Ո՞ր երկիրներու քաղաքացիները առանց մուտքի արտօնութեան պիտի կարողանան մուտք գործել Հայաստան

Ո՞ր երկիրներու քաղաքացիները առանց մուտքի արտօնութեան պիտի կարողանան մուտք գործել Հայաստան

Հայաստանը անայցագիր (առանց վիզայի) ռեժիմ պիտի սահմանէ ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ ԵՄ երկիրներու (այդ շարքին` Շենկէնեան համաձայնագրի երկիրներու) եւ Պարսից ծոցի երկիրներու մէկ մասի (ԱՄԷ, Քաթար, Քուէյթ) մէջ կացութեան իրաւունք ունեցող անձանց համար: Համապատասխան որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարության այսօրուան նիստի ժամանակ։

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը գործէ անայցագիր ռեժիմ այդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, այժմ կ՚առաջարկուի այն տարածել նաեւ այնտեղ կացութեան կարգավիճակ ունեցող անձանց վրայ՝ հաշուի առնելով, որ անոնք, աշխատելով այդ երկիրներու մէջ, բաւականին վճարունակ են եւ կրնան հետաքրքրութիւն ներկայացնել որպէս զբօսաշրջիկներ:

«Այսպիսով մենք կը հեշտացնենք մարդկանց այցելութիւնը Հայաստան, կը մեծացնենք մեր քաղաքացիների շփումները, ինչպէս նաեւ ներդրումային գրաւչութիւնը»,– նշած է նախարարը։

Ան տեղեկացուցած է, որ անայցագիր ռեժիմ պիտի սահմանուի նաեւ Պահրէյնի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Օմանի քաղաքացիներու համար։