image

Վերջին զարգացումները ցոյց տուին, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ յստակ ռազմավարութիւն չունի. Քաղաքագէտ

Վերջին զարգացումները ցոյց տուին, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ յստակ ռազմավարութիւն չունի. Քաղաքագէտ

Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն մասին «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ քաղաքագէտ՝ Արմենակ  Թոքմաճեանը

 

- Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռանալու որոշումը:

Նախագահ Թրամբի Սուրիոյ հիւիսարեւելեան շրջաններէն ամերիկեան զօրքերը քաշելու որորշումը հերթական օրինակն է եւ ապացոյցը, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ յստակ, երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն չունի:

Եթէ իրօք ամերիկեան ուժերը այդ տարածաշրջանէն հեռանան, անոնք իրենց ետին պիտի թողեն   ռազմավարական բաց մը, որը լրացնելու համար կը պայքարին տարբեր ուժեր՝ սուրիական պետութիւնը, Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ տարածաշրջանին մէջ գտնուող քրտական ուժերը:

Ամերիկեան այս քաղաքականութեան հետեւանքները արդէն յստակ են, օրինակ Մանպիճ քաղաքին մէջ: Քաղաքին մօտակայքը գտնուող թրքական եւ սուրիական զօրքերը արդէն կը մրցին լրացնելու այն բացը, որ կամաց-կամաց կրնայ   գոյանալ ամերիկեան զօրքերու հեռացման զուգընթաց:

 

 -Ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ ամերիկեան ուժերու այդ շրջանէն  հեռացումէն ետք:

Կարծես թէ այս անգամ այդ բացը սուրիական պետութիւնը պիտի լրացնէ, որովհետեւ ըստ քիւրտ-պետական համաձայնութեան, անցած շաբաթ պետական զօրքերը ներկայութիւն հաստատեցին Մանպիճի մէջ: Բնականաբար այդ ամէն ինչը տեղի ունեցաւ ռուսական օրհնութեամբ  եւ ամենայն հաւանականութեամբ այն կը կանխէ որեւէ թրքական ոտնձգութիւն:

Պէտք է նշեմ, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ յաւակնութիւններ ունեցող այդ ուժերուն համար այս    ճատրակի  այս ռաունտը դեռ նոր սկսած է եւ զարգացումները կրնան տանիլ տարբեր ուղղութիւններով: Ինչ  կը վերաբերի շրջանի քիւրտերուն, ապա  անոնք այս  մատնուած  են  դժուար     վիճակի մը մէջ։ Անոնք իրենց յոյսը դրած էին ամերիկեան աջակցութեան վրայ, բայց այսօր ակնյայտ է, որ ամերիկացիները կը քաշուին տարածաշրջանէն, առանց քիւրտերու շահերը նկատի առնելու:

Պաշտօնական Դամասկոսի համար այս նոր իրավիճակը առիթ է, որպէսզի հաստատէ իր   օրինականութիւնը  Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ  եւ առաւել եւս կանխէ որեւէ թրքական յարձակում:

Իսկ պաշտօնական Մոսկուայի համար սա հերթական առիթ է, ապացուցելու, որ Ռուսաստանը կրնայ ըլլալ հաւաստի միջնորդ, բոլոր այն ուժերուն միջեւ, որոնք կը պայքարին եւ յաւակնութիւններ ունին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ:  

 

-Կան տեղեկութիւններ,որոնց հիմքով այս օրերուն բանակցութիւններ կը կայացուին, մէկ կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան եւ միւս կողմէ ալ քրտական ջոկատներուն  միջեւ. Ի՞նչ կրնաք   ըսել այդ  մասին։

Դամասկոսը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ քիւրտերուն հետ բանակցութիւններու մէջ է: Սա առաջին անգամը չէ, որ բանակցութիւններ կ'ընթանան Սուրիոյ  կառավարութեան եւ քրտական ուժերուն միջեւ, բայց այս անգամ տարբերութիւնը այն է, որ քիւրտերը կը բանակցին շատ տկար դիրքերէ, որովհետեւ այլեւս ամերիկեան աջակցութիւն չունին եւ  պարզ է, որ այլընտրանք ալ  չունին:

Եթէ պետութեան եւ քիւրտերու միջեւ ընթացող բանակցութիւնները արդիւնք տան եւ եթէ պետական զօրքերը վերատեղակայուին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ, այդ պարագային կրնայ եւ թրքական յարձակումը կանխուիլ: Նոյնիսկ եթէ այս անգամ թրքական յարձակումը յետաձգուի, սակայն այդ սպառնալիքը պիտի շարունակէ մնալ իրական, այդքան ժամանակ, որ Սուրիոյ մէջ կան  քրտական զինեալ  ջոկատներ։