image

Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան Հայաստանեաց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ ընտրուեցաւ

Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան Հայաստանեաց Աւետարանական եկեղեցւոյ  աւագ հոգեւոր  հովիւ  ընտրուեցաւ

 Կարեւոր հանգամանք է անշուշտ, երիտասարդ ուժերով առաքելութիւնը շարունակելու վճռականութիւնը։ 

 Այս խօսքը ամէնէն շատ կը համընկնի օրերս Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած նոր կարգադրութեան, որուն հիմամբ Հայաստանի հովիւներէն Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը (յետ կանոնական փակ ընտրութեան) ստանձնեց Հայաստանի  Աւագ  հովիւ ըլլալու քաղցր պարտականութիւնը փոխարինելէ վերջին 10 տարիներուն այդ պատասխանատու պաշտօնը իրագործած Վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանը։

 

 Ինչ խօսք, որ երէց սերունդներու ներկայացուցիչներու ծառայութիւնը միշտ ալ փայլ կու տայ եկեղեցիին ու այդ շնորհաշատ նուիրումն ալ օրինակ եւ ճանապարհ կը հարթէ նոր հասնողներուն։

 

 Այս յուսադրիչ նշանակումին առթիւ «Արեւելք» նոյնպէս իր շնորհաւորանքները կը յղէ նորանշանակ Վերապատուելին, մաղթելով անոր մշտանորոգ կամք եւ Քրիստոսափայլ գործունէութիւն։

 

Ստորեւ   «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  Վեր.  Յովհաննէս  Յովսէփեանի Հայաստանի Աւագ Հոգեւոր Հոգիւ ընտրութեան մասին հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը։

 

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը 2022-ի 1 օգոստոսէն ստանձնած է վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը:

10 տարուան պաշտօնավարումէ ետք վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանը դադրեցուցած է լիազօրութիւնները, եւ համաձայն ՀԱԵ կանոնադրութեան 8-րդ յօդուածի՝ տեղի ունեցած է ՀԱԵ նոր աւագ հովիւի ընտրութիւն: ՀԱԵ խորհուրդի արտահերթ նիստին, փակ գաղտնի քուէարկութեամբ, խորհուրդի 11 անդամները միաձայն ընտրած են միակ թեկնածու վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը ՀԱԵ աւագ հովիւի պաշտօնին՝ 4 տարի ժամկէտով: 

Վերապատուելի Յովհաննէս Յովսէփեան ծնած է 1979 թ. 16 մարտին, Երեւան: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է տեղի թիւ 6 դպրոցին մէջ։ Ապաշխարած ու կեանքը Քրիստոսին նուիրած է 1993-ի 24 յուլիսին։ Մկրտուած է 1979-ին։ 1997-1999թթ. զինուորական պարտադիր ծառայութեան անցած է ՀՀ Զինուած ուժերու մօտ: 1999-2003 թթ. կրթութիւն ստացած է Հայ Աւետարանական Աստուածաբանական ակադեմիային մէջ, այնուհետեւ 2009-2012 թթ․ ընդունուած եւ աւարտած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանը։ 1995–2002 թթ․ մասնակցած է ՀԱԵ ամառային ճամբարներու։ 2002–2009 թթ․ծառայած է որպէս երիտասարդացի պատասխանատու եւ հովիւի օգնական Բաղրամեան 18-ի մէջ։ 2009–2012 թթ․ ծառայութեան փորձառութիւն ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան մէջ։ 2012-էն մինչեւ 2022-ի 1 օգոստոսը  ՀԱԵ հովիւն էր Բաղրամեան 18-ի մէջ։ Ամուսնացած է Մոնիքա Յովսէփեանի հետ, ունին երկու զաւակ։