image
Հրատապ լուրեր:

Վեր. Սելիմեան այցելեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան

Վեր. Սելիմեան  այցելեց Արեւմտեան  Թեմի Առաջնորդարան

Օրերս Միացեալ Նահանգներ գտնուող Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովուապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան,  իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ այցելեց  Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի, ուր կողմերը փոխանակեցին իրենց մտահոգութիւնները Սուրիոյ նոր իրավիճակին մասին: Հանդիպումի ընթացքին Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց Հալէպի մէջ ծաւալող աշխատանքներուն:

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի հետ, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին մէջ։

Վերապատուելիին կ'ընկերակցէին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ընդհանուր հովիւ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական «Կիլիկիա» Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Յովսէփ Կարապետեան ։

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը փոխանակեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսլականը՝ Սուրիոյ նոր իրավիճակին, հայ եկեղեցիներու գործունէութիւններուն, հայ երիտասարդութեան եկեղեցիին հետ կապի ամրապնդումին եւ եկեղեցւոյ արդիականացման ուղիներուն։

Սրբազան Հայրը գնահատեց Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ ծաւալող աշխատանքները։

Հանդիպումի աւարտին միացաւ նաեւ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։

Վերապատուելին իր կարգին գնահատեց Սրբազան Հօր մտաւորական առաջնորդութիւնը եւ դրական ներգործութիւնը, որ կ'արտացոլէ համայնքի կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային մակարդակներուն վրայ։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով։