image

Վարակակիրներու թիւը իջեցնելու հանար ստիպուած պիտի ըլլանք աւելի կոշտ վարուիլն. Վարչապետ

Վարակակիրներու թիւը իջեցնելու հանար ստիպուած պիտի ըլլանք աւելի կոշտ վարուիլն. Վարչապետ

Մեր ընթացիկ շրջանի հիմնական խնդիրը կը շարունակէ մնալ «Քորոնա» ժահրի համավարակը, կառավարութեան այսօրուայ նիստին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Երէկ 665 նոր դէպք յայտնաբերած ենք, մենք չենք յաջողիր թիւերը իջեցնել ու մենք գիտենք ատոր պատճառը, հակահամաճարակային կանոնները համատարած կերպով չեն պահպանուիր, մենք ստիպուած ենք աւելի ու աւելի կոշտ վարչական մեթոտներ կիրառել կանոնները պահպանելու նպատակով», - ըսած է ան։

Վարչապետը նշած է, թէ եթէ քաղաքացին դիմակ չի կրեր եւ ոստիկանը կը մօտենայ անոր ու կ'արձանագրէ, որ չունի նաեւ փաստաթուղթ, այդ պիտի համարուի երկու առանձին վարչական իրաւախախտում ու երկու առանձին վարչական վարոյթով պիտի արձանագրուի։

«Մենք նաեւ կ'արձանագրենք, որ պետական բոլոր այն մարմինները, որոնք գործ ունին քաղաքացիներու հետ, անոնք պարտադիր հերթերը պէտք է կարգաւորեն ոչ միայն տարածքին մէջ, այլեւ՝ տարածքէն դուրս», -ըսած է ան։

Վարչապետը համապատասխան յանձնարական ուղարկած է, սակայն պէտք է նաեւ վերահսկել վիճակը։