Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարնը որոշում կայացուցած է՝ Ատրպէյճանին մինչեւ 8 օգոստոսը տրամադրել ժամանակ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն տրամադրելու մասին: Այս մասին յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը։
«Ադրբեջանը պարտաւոր է դատարանին տեղեկութիւններ յայտնել այդ անձի գտնուելու վայրի, պահման պայմանների, առողջական վիճակի, ստացած բուժօգնութեան եւ հնարաւոր վերադարձի մասին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր՝ 29 յուլիսին, Ատրպէյճանը Լաչինի միջանցքին վրայ առեւանգած է բուժման նպատակով Հայաստան տեղափոխուող արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանը:
Վերջինիս իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած էր Վագիֆ Խաչատրեանը կալանաւորելու մասին։ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը նշած է, որ Խաչատրեանը «միջազգային հետախուզման մէջ է»։