Սիրելի Տիգրան, պատերազմական Լիբանանին բերած չարիքները պատճառ հանդիսացան, որ քեզ կրկին փնտռենք եւ տխրութեամբ համակուինք։ Քաջասրտութիւնդ քու շուրջիններդ կը համակէր վստահութեամբ եւ անվախութեամբ։ Քու կեցուածքովդ, խօսքերովդ եւ արարքներովդ մեզի կը ներշնչէիր քաջութիւն եւ համարձակութիւն։
6 Յունիս 2006 թուականին գիւղէն՝ Ֆարայայէն եկար հայրդ ու զիս փոխադրելու համար, հակառակ ռմբակոծումներուն։ Հայրդ մեծապէս ցնցուած էր պատերազմի արհաւիրքէն, որ միշտ կը յիշեցնէր իրեն իր հօր սպանութիւնը ռումբի հարուածէն 1958 թուին։ Այդ պատճառաւ ալ ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին խորշեցաւ պատերազմէն եւ արիւնահեղութենէն։ 2006-ին մէկ ամիս տեւող այդ պատերազմը շատ մեծ քանդումներ պատճառեց եւ զոհեր արձանագրեց։ Սակայն 2024-ի պատերազմին կործանիչները շատ աւելի հեռահաս ըլլալով եւ կատարելագործուած, շէնքեր ամբողջ գետնին կը հաւասարեցնէին ու մինչեւ ստորգետնեայ պատսպարանները կը թիրախաւորէին։ Սպանդը շատ աւելի մեծ էր եւ ողբերգութիւնը աներեւակայելի։
Այս պատերազմական օրերուն քեզ փնտռեցին ամէնէն աւելի քու զաւակներդ՝ Արեգը եւ Սարիկը, եւ տիկինդ՝ Սիլվին, որոնք վարժ էին քու պաշտպանութեանդ բերած ապահովութեան։ Անոնք դպրոցական իրենց ամէնօրեայ երթեւեկութիւնը ունէին, որ շատ մտահոգիչ էր։ Դուն պիտի որոշէիր անոնց երթուդարձը, տունէն կամ առցանց մասնակցութիւնը դասաւանդութեան։ Դուն ներկայ ես անոնց յարկէն ներս քու հոգեկան տիրապետող ներկայութեամբդ։ Երբ կը հարցնէի Արեգին եւ Սարիկին՝ ինչպէ՞ս դիմակայեցիք այդ սաստիկ հրթիռարձակումները, անոնք ըսին՝ մեր պապան մեզի հետ էր եւ մեզի ուժ կու տար։ Առանց ա՛յդ հոգեկան ներգործող ուժին դժուար է ըմբռնել մեր կեանքի թաւալքը յետ Տիգրանի մեկնումին։
Տօնական օրեր են կրկին, կը փնտռենք քեզ Տիգրան։ Բոլորովին կ’այլափոխուէիր դուն այս տօնական օրերուն, եւրոպական Ծնունդէն սկսեալ մինչեւ նոր տարին եւ հայկական Ծնունդը։ Կը կազմակերպէիր ամէն մէկ տօնակատարութեան հետ կապուած վայրը եւ ժամանակը, հիւրասիրութեան ձեւը։ Նոր տարին կ’ուզէիր անցընել ձեր տան մէջ, երիտասարդ զարմիկներով եւ բարեկամներով ու անոնց ընտանիքներով։ Ծնողներս ալ կ’ընդգրկուէինք եւ կը տեսնէինք Տիգրանին ոգեւորութիւնը, կատակներն ու խնդուքը, անձամբ հիւրասիրելու փափաքը։ Կաղանդ Պապայի այցելութիւնը կէս գիշերին, նուէրներու բաշխումը մեծերուն եւ փոքրերուն։ Ժամը 12:00-ին Տէրունական աղօթքը արտասանուած բոլոր ներկաներուն կողմէ։
Տուպայ եւս երկու նոր տարի տօնեցինք Ռազմիկի եւ Հերայի հիւրամեծարութեամբ, ծնողներու եւ զարմիկներու ներկայութեան։ Մեծ ցնծութիւն պատճառեցին այդ տօնակատարութիւնները բոլորիս եւ քեզի մասնաւորաբար, սիրելի Տիգրան։
Չորս տարի անցած է քու անդարձ մեկնումէդ ի վեր, կարօտալի Տիգրան։ Քեզի հաղորդելիք լաւ լուրեր ունիմ։ Արեգը աւարտեց IC երկրորդական բաժինը 2024-ի Յուլիս ամսուն եւ համապատասխան վկայականը ստացաւ բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ (Distinction)։ Միեւնոյն ատեն մաթեմաթիկի (Mathematics) շրջանաւարտ դասարանի բարձրագոյն միջինը ստանալով մրցանակ կը շահէր։ Ռազմիկը ներկայ եղաւ հանդիսութեան քեզ ներկայացնելով եւ հպարտութեամբ լեցուելով։ Արեգը AUB մուտք գործեց Computer Science engineering մասնագիտութեան մէջ։ Գրեթէ բոլոր դասաւանդութիւնները առցանց էին, սակայն ան ունեցաւ կեդրոնացումը շատ լաւ պատրաստուելու բոլոր դասերուն եւ ամավերջի քննութիւններուն։ Ան աւարտեց գերազանց նիշերով՝ արժանանալով պատուոյ ցանկին եւ անոր կապուած կրթաթոշակին։ Սարիկը IC Այն Աար միջնակարգի 9-րդ դասարանը բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելով եկաւ Ռաս Պէյրութ 10-րդ դասարան ըլլալու համար։ Ան աւելի յաճախ անձնապէս գնաց դպրոց քան Արեգը։ Շատ լաւ պատուոյ ցանկի նիշերով աւարտեց առաջին կիսամեակը։
Հրակ-Պէպօն՝ Ռազմիկին եւ Հերային մանչը, 9-րդ տարեդարձը տօնեց։ Ան Ռիատի Ամերիկեան դպրոցը կը յաճախէ։ Մեծ կարողութիւն ցոյց կու տայ մաթեմաթիկի եւ անգլերէնի ու գիտութեան մէջ։ Շատ լաւ ֆութպոլիստ է եւ ծանօթ ֆութպոլի բոլոր մեծ աստղերուն, մանաւանդ Հենրիկ Մխիթարեանին։ Հրակը մեծ սէր ունի իր հօրեղբոր Տիգրանին հանդէպ եւ յաճախ կը յիշէ եւ կու լայ։ Կարօտցած է, կ’ուզէ զինք անգամ մը տեսնել եւ կարօտը առնել։
Արեգին համար դուն կը մնաս իր մենթորը, հայրը եւ ընկերը, միշտ կը խորհրդակցի քեզի հետ իր առնելիք քայլերուն համար։ Քեզ կը տեսնէ իր երազներուն մէջ եւ կ’ապրի քեզի հետ։ Դուն ամէնօրեայ ներկայութիւն ես իր կեանքին մէջ։ Իր ամէն մէկ քայլը նպատակ ունի՝ քեզ ուրախացնել եւ հպարտութեամբ լեցնել։ Նոյնպէս Սարիկը անհուն կարօտով կը յիշէ քեզ եւ արցունքով կ’արտայայտէ իր սէրը։ Ան կը փնտռէ այն գիրկընդխառնումները, որ կ’ունենար քեզի հետ։ Զգացական կապը քեզի հետ այնքան մեծ է, որ օրական դրութեամբ զինուելով քեզի հետ կը շարունակէ իր առօրեան յաղթահարել։ Անոր նպատակն է նաեւ իր ձեռք ձգած ուսումնական յաջողութիւններով քեզի հպարտութիւն պատճառել։
Չորրորդ տարելիցդ տօնելու համար պիտի մէկտեղուինք Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ծառայեցիր տասնեակ մը տարիներ։ Անմիջական հարազատներդ ու եկեղեցւոյ կազմը՝ քահանայով, երգչախումբով, տիկնանցով ու թաղականութեամբ պիտի բաժնեն մեզի հետ մեր ցաւը եւ յարգեն քու յիշատակդ։ Գիտենք թէ դուն ներկայ պիտի ըլլաս մեր մէջ քու անուշ ժպիտովդ եւ քաջալերական կեցուածքովդ։
Թող անմեռ մնայ քու յիշատակդ, սիրելի Տիգրան, եւ յաւիտենականութեան մէջ հանգչի քու հոգիդ։
Քեզ անհունօրէն սիրող մայրդ՝
Ազատուհի