image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիր. Երկու Ոստիկաններ Սպաննուած Են ISIS-ի Կողմէ

Տիարպէքիր.  Երկու Ոստիկաններ  Սպաննուած  Են  ISIS-ի Կողմէ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Տիարպէքիր) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Երկուշաբթի առաւօտ կանուխ, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Տիարպէքիր նահանգին մէջ, երկու ոստիկաններ սպաննուեցան ցոյցի մը ընթացքին, զորս կը նպատակադրէր ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը:

Տեղեկացուած է, որ չորս ահաբեկիչներ սպանուած են գործողութեան ընթացքին:Հակառակ հիւանդանոցի մէջ թափուած ջանքերուն անբուժելի կերպով վիրաւորուած երկու պաշտօնեաներ մահացած են:

Տեղեկացուած է, թէ ոստիկանութիւնը դէպքէն անմիջապէս ետք ուղարկած է յատուկ գործողութեան խմբակներ, որպէս ամրապնդում դէպքի վայրին:

Ահաբեկչական գործողութիւններ եւս տեղի ունեցած են, երկուշաբթի վաղ առաւօտեան  Պոլսոյ Աթաշէհիր շրջանին մէջ:«Տէյլի Սապահ»ի կողմէ վերանայուած թրքական ռազմական փաստաթուղթի մէջ նշուած է, թէ ISIS-ի Սուրիոյ հիւսիսային դիրքերուն տրուած ռազմական հարուածին յաջորդած են մահացու զոյգ ինքնասպանութիւնները Անգարայի մէջ: Ռմբակոծման հետազօտութիւնները յայտնաբերած են, որ յարձակումները կապ ունին ISIS-ին հետ եւ իշխանութիւնները կը փնտռեն չորս այլ կասկածելի ISIS-ի ինքնասպան ահաբեկիչներ: