image

«Թոյլ մի տաք...». Արցախցի պատգամաւորը խստօրէն դատապարտած է իշխանութեան մօտեցումները

«Թոյլ մի տաք...». Արցախցի  պատգամաւորը   խստօրէն  դատապարտած է իշխանութեան  մօտեցումները

Հայաստանի իշխանութեան աճպարութիւնները եւ խեղաթիւրումները, սեփական անհեռատեսութիւնը եւ ապիկար քայլերը նախկիններու վրայ բարդելու չվերջացող զառանցանքները մեզի ամէն օր կը տանին դէպի կործանանար հետեւանքներ: Այս մասին 22 մայիսին, Արցախի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ յայտարարած է «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Գեղամ Ստեփանեան:

«Սա էլ որերորդ անգամ մենք արտակարգ ռեժիմով հաւաքւում ենք ոչ թէ թշնամուն, այլ Մայր հայրենքիի իշխանութեան կործանարար յայտարարութիւններին պատասխանելու համար: Ընդամէնը մի քանի տարի առաջ ամենավատ երազում անգամ հնարաւոր չէր լինի պատկերացնել, որ Արցախի խորհրդրանը ստիպուած է լինելու գրեթէ ամէն ամիս զսպել Արցախն Արդբեջանի կազմում դիտարկող Հայաստանի իշխանութիւնների յայտարարութիւններին: Սա մղձաւանջ է, ոչ աւելին: Հայաստանի իշխանութեան նպատակն արդէն պարզից էլ պարզ է, իսկ դուք՝ սիրելի հայրենակիցներ, ինչպէ՞ս էք ապրելու հայրենիքը կորցրածի եւ 120 հազար հայրենակցի բախտի քմահաճոյքին յանձնածի խարանով: Ինչպէ՞ս էք արդարանալու պատմութեան առջեւ ձեր անտարբերութեան եւ անգործութեան համար: «Արցախը տանք ու պրծնենք» շինծու թէզն այսօր հասել է Սիւնիքին, Գեղարքունիքին վաղն էլ հասնելու է ձեր տուն՝ խոստանալով, որ ապագայ կայ: Ամէն գնով կանգնեցրէք պատմութեան կործանարար ընթացքը, հակազդէք Արցախի վերջնական կորստին: Թոյլ մի տուէք, որ պատմութեան աղբարկղ նետուելիք իշխանութիւնը թերթի Հայաստանի պատմութեան վերջին էջը»,- ըսած է ան: