Իսթանպուլի նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի՝ փտածութեան մեղադրանքով դատավարութիւնը նախատեսուած է սկսիլ 2026 թուականի մարտ 9-ին եւ կրնայ տեւել 12 տարի վեց ամիս՝ գրած է Cumhuriyet թերթը։
Գործին մէջ ներգրաւուած է 105 մեղադրեալ՝ աւելի քան 400 վկայով։ Թերթը նշած է, որ դատավարութիւնը պիտի տեւէ 4600 օր, այն տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի Սիլիվրի շրջանի բանտի տարածքին մէջ, ուր կը պահուի Իմամօղլուն։ Ան նախապէս կոչ ըրած էր իշխանութիւններուն՝ դատական նիստը ուղիղ հեռարձակել պետական հեռուստատեսութեամբ։
Իմամօղլուն կը մեղադրուի յանցաւոր կազմակերպութիւն ստեղծելու, կաշառակերութեան, յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտներու լուացման, պետական հիմնարկներուն եւ կազմակերպութիւններուն վնաս պատճառելու, ինչպէս նաեւ անձնական տուեալներու հետ կապուած շարք մը իրաւախախտումներու, քրէական գործերով ապացոյցներ թաքցնելու, մրցոյթներու կայացման շրջածիրէն ներս դաւադրութեան համար: Մեղադրող կողմը պահանջած է մինչեւ 2352 տարուան ազատազրկում։