image

Թուրքիոյ մէջ նոր թեմա. «Հիժապ» կրելու հարցը

Թուրքիոյ մէջ նոր թեմա. «Հիժապ» կրելու հարցը

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան 22 հոկտեմբերին Մալաթիոյ մէջ անդրադարձած է իսլամ կանանց գլխաշորի՝ հիժապի խնդիրին մասին:

Ան առաջարկած է հանրաքուէի ներկայացնել հիժապը կրելու իրաւունքը սահմանադրութեամբ ամրագրելու հարցը:

«Առաջին անգամ կը խօսիմ այդ մասին: Եկէք հանրաքուէով լուծենք հարցը, մենք լրամշակման առաջարկը կ'ուղարկենք խորհրդարան»,- ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ մէջ հանրաքուէ կատարելու որոշումը կ'ընդունի խորհրդարանը՝ Ազգային մեծ ժողովը: Որոշումը կը հաստատուի, եթէ ապահովուի սահմանադրական մեծամասնութիւն՝ առնուազն 330 քուէ 600 մանտաթով օրէնսդիր մարմնին մէջ: