Օրերս Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Նարեկ. վրդ. Լուսիսեան ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հինգշաբթի` 31 Օգոստոս 2023_ին, կէսօրէ ետք ժամը 5։00_ին, Քեսապի Հ. Բ. Ը. Մ. -ի մասնաճիւղի Տիկնանց Միութեան անդամուհիները այցելեցին Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին, կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ անդամուհիները սրտագին շնորհաւորեցին «վարդապետական լանջախաչ» կրելու իշխանութիւնը ստանալուն Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքէն։ Հ. Բ. Ը. Մ.-ի անդամուհիները Հայր Նարեկին մաղթեց ին յաջողութիւն եւ բարի առաքելութիւն ու իրենց Միութեան անունով որպէս յիշատակ նուիրեցին, Արհի. Ասատուրեանին եւ Հայր Նարեկին միասին առնուած լուսանկարը։