Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի պաշտօնական էջէն վերահասու դարձանք, որ Ձեռամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանին օրերս Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհուած է թեմէն ներս ծառայող երիտասրդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Կիրակի, 20 Օգոստոս 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր Եկեղեցիներէն ներս ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակը, նուիրուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակը։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի յղած Սրբատառ Կոնդակը՝ Թեմիս մէջ ծառայող հոգեւորականներէն Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանին, ուր Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իշանութիւն կը շնորհէ Հայր Սուրբին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայր Սուրբը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր յառաջիկայ ծառայական կեանքի ընթացքին։
