Պաղեստինեան «Համաս» շարժման բարձրաստիճան անդամները Քաթարէն Թուրքիա տեղափոխուած են, երբ Տոհայի մէջ հրաժարած են միջնորդել Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ բանակցութիւններուն։ Այդ մասին գրած է «The Times of Israel» թերթը՝ յղում ընելով արաբ անանուն դիւանագէտի:
«Համաս»-ի բարձրաստիճան անդամներն անցեալ շաբաթ Քաթարէն Թուրքիա տեղափոխուած են այն բանէ ետք, երբ Տոհայի մէջ յայտարարած են, որ կը հրաժարին Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման շուրջ բանակցութիւններու միջնորդութենէն», -ըսուած է հրապարակման մէջ:
Տեղեկութիւնը փորձած է ճշդել ռուսակա «Ria Novosti» լրատուական գործակալութիւնը, թէ արդեօք կազմակերպութեան քաղաքական բիւրոն Քաթարէն տեղափոխուած է Թուրքիա:
Անանուն դիւանագիտական աղբիւրը ռուսական լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին նշած է. « «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի անդամները ժամանակ առ ժամանակ կ՚այցելեն Թուրքիա։ Անոնց՝ Թուրքիա տեղափոխուելու մասին պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան»։
Իր հերթին Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի այլ աղբիւր եւս հերքած է նշեալ տեղեկութիւնը: