image

Թուրքիոյ հետ սահմանային հատուածին խաչի օրհնութիւն կատարուած

Թուրքիոյ հետ սահմանային հատուածին խաչի օրհնութիւն կատարուած

Շիրակի մարզպետ Նազելի Բաղդասարեանը մարզային իշխանութեան ներկակացուցիչներու, Անի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արման Սարիբեկեանի հետ 21 յունուարին, ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտին գտնուող Կարմիր վանքի` Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, նոր խաչի օծման արարողութեան։

Խաչն օծուած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձեռամբ, որմէ յետոյ հայկաձորցիներու ջանքերով այն տեղադրուած է վանքի գմբեթին վրայ։

Խաչէն եկեղեցին զրկուած էր 2015 թուականին՝ ուժեղ քամիի հետեւանքով։ Բազմաթիւ փորձութիւններ տեսած, բայց կանգուն մնացած եկեղեցւոյ գմբեթն ու խաչը վնասուած էին 1990-ականներուն` անկախացման տարիներուն, երբ Թուրքիան արդէն հասցուցած էր փակել Հայաստանի հետ սահմանը։

Ըստ արձանագրութեան, եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոռոմոս վանքի առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը: Կառուցած է Սամեհան ճարտարապետը 980-985 թուականներուն։