image

Թուրքիոյ Առաջին Ստորջրային Թանգարանը Բացուեցաւ Սիտէի Մէջ

Թուրքիոյ Առաջին Ստորջրային Թանգարանը Բացուեցաւ Սիտէի Մէջ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) «Տէյլի Սաապահ» կը տեղեկացնէ թէ, Թուրքիոյ առաջին ստորջրային թանգարանը, որ կը պարունակէ 110 կտոր քանդակներ տեղադրուած ծովուն  յատակը, ծովեզերքէն 1.5 ծովային մղոն հեռու, բացուեցաւ Շաբաթ օր, Թուրքիոյ հարաւային առողջարանային քաղաք՝ Սիտէի մէջ:Այս թանգարանը հաստատուեցաւ առաքումի պալատի եւ արեւմտեան միջերկրականի բարգաւաճման գործակալութեան ջանքերով (BAKA), հնաոճ իրերու քաղաք Սիտէի Անթալիոյ նահանգի Մանաւկաթ շրջանին մօտ, կը պարունակէ Անթալիոյ մէջ  եղած  տարբեր քաղաքակրթութիւններ յատկանշող կտորներ:Թանգարանի բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ ծովուն տակ եւ նաւակի մը վրայ: Գործակալութեան գլխաւորը՝ Պէքիր Ինանշ Քանտիրօղլու բացման արարողութեան առթիւ խօսք առաւ հաստատելով, որ երեք այլ ստորջրային թանգարաններ պիտի բացուին Անթալիոյ կեդրոնը, Քէմէրի եւ ուրիշ մը Անթալիոյ շրջաններուն մէջ, ամրապնդելու համար սուզման զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ մէջ:Քանտիրօղլու ըսաւ, հակառակ այն հանգամանքին, որ թանգարանը կառուցման ընթացքի մէջ էր, 2015-ին, 30.000 սուզորդներ այցելեցին թանգարան եւ յաջորդ տարուան համար կը նպատակադրուի ընդունիլ 100.000 սուզորդներ եւ աւելցուց, թէ իրենց նպատակն է այս թիւը հասցընել տարեկան 500.000-էն մէկ միլիոնի: Շրջանը պիտի փակուի ծովային երթեւեկութեան դիմաց եւ իւրաքանչիւր անձ, որ կը կրէ սուզուելու վկայական ազատօրէն պիտի կարենայ սուզուիլ, աւելցուց ան: