image

Թուրքիոյ 10 Նահանգներուն մէջ մասնակի արտակարգ դրութիւն

Թուրքիոյ 10 Նահանգներուն մէջ մասնակի արտակարգ դրութիւն

Թուրքիոյ խորհրդարանը երկրի 10 նահանգներու մէջ 3 ամսով արտակարգ դրութեան ռեժիմ սահմանելու մասին որոշում ընդունած է։ Նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ արտակարգ դրութեան ռեժիմը «թոյլ կու տայ կանխել որոշ վայրերու մէջ օրինախախտումները»։

Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ եւ հարեւան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերու թիւը վերջին տուեալներով կը գերազանցէ 19 հազարը՝ մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Հաղորդուած է տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներու, անհետ կորսուածներու մասին։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը խոստացած է մօտ հարիւր բժշկական խումբ ուղարկել աղէտի գօտիներ: