image

Թուրքիան պատրաստ է միջնորդել

Թուրքիան  պատրաստ է միջնորդել

Թուրքիան լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցած բռնութեան եւ լարուածութեան կապակցութեամբ եւ յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը նպաստելու պաղեստինեան-իսրայէլեան հակամարտութեան ապամագլցման։

Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Մենք մեծապէս կը կարեւորենք տարածաշրջանի հանգստութեան շուտափոյթ վերականգնումը եւ խստօրէն կը դատապարտենք խաղաղ բնակիչներու մահը։

Մենք կը շեշտենք, որ բռնութեան գործողութիւնները եւ անոր հետ կապուած մագլցումը ոչ ոքի օգուտ պիտի տայ, եւ կողմերուն կոչ կ'ընենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խուսափելու դրդիչ քայլերէ։

Մենք միշտ պատրաստ ենք մեր առաւելագոյն ներդրումը ունենալ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ դնելու համար, քանի դեռ իրադարձութիւնները չեն վերածուած մագլցման նոր փուլի եւ տարածուած դէպի աւելի լայն տարածք։

Այդ կապակցութեամբ մենք կը շարունակենք աշխոյժ շփումները շահագրգիռ կողմերուն հետ»։