image

«Թուրքիան չյարգեց պայմանաւորուածութիւնները». Ֆայսալ Մըքտատ ծանր մեղադրանքներ ուղղեց Թուրքիոյ

 «Թուրքիան չյարգեց պայմանաւորուածութիւնները». Ֆայսալ Մըքտատ ծանր մեղադրանքներ ուղղեց Թուրքիոյ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ  Մըքտատ ծանր  մեղադրանքներ ուղղեց Թուրքիոյ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք Sky News Arabya կայանէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ելոյթ ունեցող Մըքտատ յայտարարած է, որ Թուրքիան մեծ ճիգեր կ՚իրականացնէ թրքացելու համար Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները։

 

 Դատապարտելով Թուրքիոյ նկրտումները Մըքտատ յանուն Սուրիոյ պետութեան   ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդէն պահանջեց միջամուխ ըլլալ  թոյլ չտալու համար, որ Թուրքիան  շարունակէ իր ժխտական դերակատարութիւնը Սուրիոյ մէջ։ 

 Մըքտատ նաեւ նկատել տուած է, որ  Թուրքիա չյարգեց Սոչիի եւ Աստանայի պայմանաւորուածութիւնները շրջանը վերածելով ահաբեկիչներու բոյնի։