Թուրքիոյ մէջ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 44 218–ի։
Թրքական Milliyet–ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը զոհերու թիւի նոր տուեալներ հաղորդած է, ըստ որու զոհերու թիւը հասած է 44 218–ի։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ աղէտի գօտիին մէջ դեռ կ'աշխատին արտակարգ իրավիճակներու, պետական այլ կառոյցներու, կամաւորներու ու օտարերկրեայ տարբեր խումբեր, որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնի 239 հազարի։