Թուրքիա. Մեկնարկած է ընտրական արշաւը

Թուրքիա. Մեկնարկած է ընտրական արշաւը

Թուրքիոյ մէջ 18 մարտին սկսած է նախագահի եւ խորհրդարանի ընտրութիւններու արշաւը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 13 մայիս, երբ կը յայտարարուի «լռութեան օր», տեղեկացուցած է ԹԱՍՍ։

Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 մայիսին, եթէ անհրաժեշտութիւն առաջանայ՝ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ 28 մայիսին։

«Ընտրութիւններու օրացոյցն» այս շաբաթ հաստատած է Թուրքիոյ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը։  Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշման համաձայն՝ նախագահի թեկնածուներու առաջադրումը պիտի սկսի 19 մարտին եւ կ'աւարտի 23 մարտին, տեղւոյն ժամանակով ժամը 17.00-ին, թեկնածուներու ցուցակը կը հրապարակուի 31 մարտին կառավարութեան տեղեկատուին մէջ, որմէ ետք անոնք կը կարողանան սկսիլ քարոզարշաւը, տեղեկացուցած է TRT հեռուստաալիքը։

Քաղաքական կուսակցութիւնները կամ դաշինքները, որոնք պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին պէտք է ներկայացնեն իրենց թեկնածուներու ցուցակները 24 մարտի օրուան վերջը։

Ընտրութիւններու կայացման մասին հրամանագիրը Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ստորագրած է 10 մարտին։ Ընտրութիւնները նախապէս նախատեսուած էին 18 յունիսին։

Էրտողան կառավարող Ժողովրդական դաշինքի նախագահի թեկնածուն է։ Անոր հիմնական մրցակիցն է ընդդիմութենէն Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։ Վերլուծաբանները չեն բացառեր, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունենան երկու փուլով։

Ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութեան մասին յայտարարած են եւս քանի մը քաղաքական գործիչներ, անոնց շարքին են ԺՀԿ-ի նախկին ներկայացուցիչ Մուհարեմ Ինճէն, որ մասնակցած է 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն, խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, «АТА» (Թուրքիոյ հիմնադիր Աթաթիւրքի կրճատ անուանումը- խմբ.) քաղաքական դաշինքի առաջնորդ Սինան Օղան, «Թուրքիա» նախընտրական դաշինքի ղեկավար, նախկին նախագահ Թուրկութ Օզալի որդի Ահմէտ Օզալ եւ քանի մը այլ անձեր, սակայն անոնց յաղթելու հաւանականութիւնը ընտրութիւններուն ըստ վերլուծաբաններուն կը համարուի շատ նուազ: 

Առաջին փուլին յաղթելու համար նախագահի թեկնածուն պէտք է հաւաքէ  ընտրողներու ձայներու 50 տոկոսէն աւելի։ Հակառակ պարագային կը սկսի երկրորդ փուլը, որուն կը մասնակցին այն երկու թեկնածուները, որոնք հաւաքած են ամենամեծ աջակցութիւնն առաջինին։ Երկրորդ փուլին ձայներու մեծամասնութիւն հաւաքած թեկնածուն կ'ընտրուի Թուրքիոյ նախագահ հինգ տարուան համար։ Նախագահի թեկնածու կրնայ առաջադրել այն կուսակցութիւնը կամ կուսակցութիւններու դաշինքը, որ կը հաւաքէ աւելի քան 5 տոկոս ձայներ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Անկախ թեկնածուները պէտք է հաւաքեն 100 հազար ստորագրութիւն։

Նախորդ նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 2018-ի 24 յունիսին։ Յաղթած է Էրտողան՝ հաւաքելով ընտրողներու ձայներու 52,6 տոկոսը։