Ինչպէս կը տեղեկացնէ Akunq.net–ը, օրացոյցին մէջ ներառուած են Թուրքիոյ մէջ լիովին անհետանալու վտանգի ներքոյ գտնուող այնպիսի լեզուներ, ինչպիսիք են՝ ապխազերէնը, չերքեզերէնը, կակաուզերէնը, վրացերէնը, հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը, լատինոն, լազերէնը, Պոնտոսի յունարէնը, գնչուերէնը, ասորերէնը եւ զազայերէնը:
Վերոնշեալ հաստատութիւնները նաեւ տեսագրութիւն մը պատրաստած են, որուն մէջ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները ամանորեայ շնորհաւորանքներ կը յղեն յիշեալ լեզուներով։
Հայոց լեզուի համշէնի բարբառով իր ազգակիցները կը շնորհաւորէ իսթանպուլաբնակ համշէնահայ մտաւորական Մահիր Օզքանի մանկահասակ դուստրը, որ մասնաւորապէս կ'ըսէ․ «Աշխարհիս էմմենոքեց Նոր տաին երանդ էլլի, սոյ էլլի։ Ծիլ ու ծաղիկ էլլէք, խենդաք ու ծիծաղէք» («Աշխարհում ապրող բոլորի Նոր տարին շնորհաւոր լինի։ Ծիլ ու ծաղիկ լինեք։ Խնդաք ու ծիծաղեք»)