Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» փաստահաւաք կազմակերպութիւնը արբանեակային պատկերներով փաստագրած է 13 Յունուարէն 4 Փետրուար 2023 երկարող ժամանակաշրջանին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Աղաւնոյ գիւղի ամբողջական ոչնչացումը:
Այս մասին, ըստ «Երկիր Մետիա»ի, կազմակերպութիւնը գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։