Թուրքիոյ Ատանա, Սիիրթ (Սղերթ) եւ Կազիայնթապ նահանգներուն մէջ վարժարաններու սաներ ինքնասպան եղած են: Թրքական «Milliyet» պարբերականի փոխանցմամբ` ինքնասպան եղածներէն երկուքը 16 տարեկան են, իսկ մէկը`17:
Անոնցմէ երկուքը իրենց նետած են բարձրայարկ շէնքէ, իսկ միւսը՝ 16-ամեայ աղջիկը կախաղանի միջոցով վերջ դրած է իր կեանքին: Բոլոր վերոնշեալ դէպքերու կապակցութեամբ կ'ընթանայ նախաքննութիւն:
«Ուսանողներու ինքնասպանութիւններու լուրը ցնցած է ամբողջ Թուրքիան»,- կը գրէ «Milliyet»-ը: