Օրերս Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոսպոս Էլփիտոֆորոս այցելած է հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ շրջանը:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ի Յունաստանի թղթակիցը:
Արքեպիսկոպոսի այցելութիւն նպատակն է մօտէն ծանօթանալ տեղի յունական համայնքի ընդհանուր վիճակին ու նաեւ կապեր հաստատել քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ։ Այցելութեան ծիրէն ներս Արքեպիսկոսպոսը հանդիպում ունեցած է է նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Փոխ առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի հետ:
Ի պատիւ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոսպոսին, Թրակիոյ համալսարանին մէջ կայացած է յատուկ հանդիպում մը։ Տեղի ունեցած է նաւ եկեղեցական արարողութիւն, որուն յաջորդած է պաշտօնական ճաշկերոյթ: Սոյն միջոցառումներուն, այլ պաշտօնական հիւրերու կողքին ներկայ եղած է նաեւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան:
Իր կարգին՝ Հոգշ. Հայր Սուրբը ելոյթ ունենալով խօսած է երկու յոյն եւ հայ եկեղեցիներու փոխ յարաբերութեանց եւ պատմադրոշմ կապերուն մասին։ Ան մասնաւորապէս ըսած է, որ ճիշդ է թէ երկու եկեղեցիները կրնան տարբերութիւններ ունենալ, բայց եկեղեցւոյ նպատակը միշտ նոյնն է, եւ այն է ՝ մարդոց օգտակար դառնալ, մարդոց բարիք ընել, մարդկութիւն սերմանել եւ խաղաղութիւն բերել աշխարհին: Հայր Սուրբ արտայայտուած է, ըսելով, որ Եկեղեցիներու տարբերութիւնները վնասակար չեն, ընդհակառակը՝ անոնք բարիք կը բերեն եւ կը հաւաքեն մադկութիւնը քով քովի: Հայր Սուրբը շեշտած է, թէ յոյն եւ հայ եկեղեցիներու կապերը միշտ զօրաւոր եղած են:
Ապա Հայր Սաղտըճեան յուշանուէր փոխանցած է Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին: